Օմանի արտգործնախարարը հայտարարել է, որ Իրանի և Միացյալ Նահանգների միջև բանակցությունների հինգերորդ փուլը տեղի կունենա հաջորդ ուրբաթ՝ Իտալիայի մայրաքաղաք Հռոմում։ Իրանի և ԱՄՆ-ի պատվիրակությունները Թեհրանի միջուկային ծրագրի և ԱՄՆ-ի պատժամիջոցների վերացման վերաբերյալ չորս փուլ են անցկացրել Օմանի մայրաքաղաք Մասկատում և Իտալիայի մայրաքաղաք Հռոմում։ Բացի այդ, Իրանը, Ֆրանսիան, Գերմանիան և Մեծ Բրիտանիան ուրբաթ բարձր մակարդակի հանդիպում են անցկացրել Ստամբուլում։               
 

«Անուղղակիօրէն եկեղեցիներու քաղաքականութիւն մշակուեցաւ` հրկիզում եւ հայահալած գաղտագողի, տարբեր վայրերու մէջ»

«Անուղղակիօրէն  եկեղեցիներու  քաղաքականութիւն  մշակուեցաւ` հրկիզում եւ հայահալած  գաղտագողի, տարբեր վայրերու մէջ»
08.07.2014 | 11:39

Սիրիահայ գրող ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆԸ հայ ընթերցողին ծանոթ է «Կանաչ արարչական», «Լոյսի ճամբորդներ» գրքերով: Մեր զրույցը, սակայն, գլխավորապես Սիրիայի պատերազմի մասին է, որը, ինչպես նշում է գրողը, սպասվածից ավելի բարդ, կնճռոտ և անսպասելի ընթացք ունեցավ, իսկ ավարտը դեռևս անորոշ է:

-Մարիանա, մեր վերջին զրույցը կայացավ 2012-ի ամռանը: Դուք Հայաստան էիք եկել մասնակցելու գրողների միության համահայկական համաժողովին, տպագրվել էր Ձեր նոր գիրքը` «Լոյսի ճամբորդները»: Ընդգրկուն իմաստով` ի՞նչ է փոխվել այդ ժամանակից ի վեր Ձեր կյանքում:
-Սուրիական պատերազմի սկիզբն էր այն ժամանակ, պատերազմին հետ տակաւին լրջօրէն դէմյանդիման չէինք գտնուած, կը խորհէինք, թէ ուր որ է կ’աւարտի ամէն բան եւ մեր խաղաղութիւնը կը վերագտնենք: Սակայն պատերազմը շատ աւելի, արագ բարդացող, կնճռոտ եւ մեր սպասածէն տարբեր շարունակութիւն ունեցաւ, իսկ աւարտը ցարդ կը մնայ անորոշ եւ անլոյծ:
Այդ ժամանկէն ի վեր ընտանեօք դարձանք թափառական եւ պանդուխտ: Գիտնալով հանդերձ թէ հայրենիքը մեր միակ ապահով հանգրուանն է, իբրեւ հայ գոյատեւելու, ստիպուած էինք մեր կեանքը շարունակել սփիւռքի տարբեր հարթակներու վրայ, սպասելով պատերազմի աւարտին, դիմելով մերթ մեզի հարեւան մօտակայ Պէյրութը, մերթ ԱՄՆ, զաւակներուս նեցուկ կանգնելու համար, որոնք ժամանակաւորապէս, ուսման բերումով, կը բնակին տարբեր տեղեր: Ետքը կրկին Հալէպ՝ մեր տուն, եւ այսպէս հերթականութեամբ, կրկին վերադառնալու համար ծննդավայր, կամ ալ բաղդաւոր պարագային՝ հայրենիք: Քանի որ հայրենիքի մէջ կարելի պիտի ըլլար ապրիլ միայն այն ատեն, երբ հարազատներէս գոնէ միայն մէկը կողքիս ըլլար:
-Ինչպես նշել էիք` սփյուռքի մեջ հայապահպանումը արդեն իսկ մեծ պայքար է յուրաքանչյուր հայի համար: Սակայն իրադրությունն այնպիսին էր, որ Սիրիայի մեր հայրենակիցները ստիպված էին մտածել ֆիզիկական գոյության, անվտանգության, նաև գաղթի մասին: Այլ է, երբ ինքնակամ փոխում ես բնակավայրը կամ որոշում ես հայրենիքում հաստատվել: Եվ բոլորովին այլ, երբ պարտադրված ես հեռանում: Ի՞նչ խնդիրների առաջ էր կանգնած սիրիահայը:
-Այս վերջին երկու տարիներու ընթացքին սուրիահայ հարազատներուս դիմագրաւած դժուարութիւնները մասամբ կը յիշեցնէին Եղեռնէն մեր պապերուն Սուրիա հաստատման առաջին տարիներու վիճակները՝ նիւթականի չգոյութիւն, կեանքի անապահովութիւն, ընտանիքներու քայքայում, վախազդու մթնոլորտ, պատերազմը իր բոլոր երեսներով: Ահ ու սարսափի կերպերը միայն փոխուած էին, հիմնական թշնամին կը մնար թուրքն ու իր արբանեակները, թրքամէտ քաղաքականութիւնը, որ տարբեր մահասփիւռ միջոցներով կը գործէր, ոչ միայն հայը, այլ նաեւ սուրիական պետութիւնը խորտակելու եւ տեղը կրկին թուրքական վիլայէթ հաստատելու համար: Անուղղակիօրէն, եկեղեցիներու հրկիզում եւ հայահալած քաղաքականութիւն մշակուեցաւ գաղտագողի, տարբեր վայրերու մէջ, ինչպէս՝ Հալէպ, Րաքա, Քէսապ, Տէր Զօր, ուր կրկին վայրագութեան ենթարկուեցան նոյնիսկ եղեռնի նահատակներուն աճիւնները:
Հոգեբանական տարբեր տեսակի պատերազմներով, ազատութեան անուան տակ փորձեցին քանդել Սուրիան, իսլամիստական եւ թրքամէտ ուժերու օգնութեամբ՝ ապստամբներու կողմէ: Ռմբակոծումներն ու կազի պայթուցիկ տակառները փոխարինած էին նախնական տանջանքի գործիքները, հսկայ քաղաքականութիւն կար այս բոլորի ետին, Սուրիոյ բնակչութեան մնացեալ խաղաղ զանգուածներուն հետ հայն ալ իր տուրքը կու տար երկրին քաղաքացին եւ բնակիչը ըլլալուն, առաւել հայ ըլլալուն համար:
Ի վերջոյ այս բոլոր դաժան իրականութեանց մէջ հայը ցուցաբերեց իր անկոտրում կամքը: Մեծապէս կազմակերպուած ձեւով, ամբողջ պատերազմի ընթացքին կարգ ու կանոնը, շտապ օգնութեան մարմիններու ցուցաբերած զոհաբերութիւնը՝ օժանդակութեան, պարէնի մատակարարումը եւ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը, խորապէս նկատելի էին եւ գնահատելի: Անոնք, որոնք Սուրիայէն հեռանալ ուզեցին, ազատ էին, մնացեալներուն՝ հեռանալու կարելիութիւն չունեցողներուն համար ալ պատասխանատուները դիմեցին բոլոր միջոցներու, կարելի եղած չափով քիչ կորուստներ ունենալու համար: Ովքեր որ հայրենիք գացին, բնական էր որ պիտի հանդիպէին տարբեր տեսակի դժուարութիւններու, ուրիշ երկիրներ փոխադրուողներու նման: Անոնցմէ ողջախոհները փորձեցին ընտելանալ իրենց նոր կացութեան հետ` լաւատեսութեամբ, ամէն մութ իրավիճակի մէջ լուսաւոր կէտ մը, լոյսի նշոյլ մը գտնելով, կամ գտնելու փորձեր ընելով, իսկ դժուարահաճներուն՝ ինչ որ ալ փորձես ընել անպայման պակաս բան մը կրնան գտնել: Կը խորհիմ որ մարդկային տեսակի դրսեւորում է, եւ պէտք չէ վերագրել հայրենիքը սիրելու կամ չսիրելու հետ: Իսկ անոնք, որոնք հայրենիքը շահագործեցին, տարբեր ոլորտներ կամ երկիրներ հասնելու համար, արդէն իսկ այնպիսիներուն արարքը խոտելի է:
-Կարծում եք՝ հայրենիքը բավականաչափ հյուրընկա՞լ էր: Դժգոհություններ կա՞ն Հայաստանում ապաստանած սիրիահայերի շրջանում:
-Հայրենիքին միշտ ալ երախտապարտ պէտք է ըլլալ. ծնողք զաւակ յարաբերութիւնը այստեղ եւս կը դրսեւորէ ինքզինք: Հայրենիքը մեզ զիրար կապող ընդհանրական մայրն է՝ նոյնիսկ եթէ մայրը թերացում արձանագրէ իր պարտականութիւններէն որեւէ մէկուն մէջ, մայր ըլլալէ չի դադրիր, իսկ մօր տուածներուն համար ալ, շատ անգամ սրտով գոհունակ կը զգանք եւ կը մոռնանք ամէն անգամ շնորհակալութիւն յայտնելու կամ երախտագիտական խօսքեր ըսելու՝ ինծի կը թուի, թէ հաշուեկշիռ տեսնելու կարիք պէտք չէ ըլլայ: Հայրենիքն ալ այնքան նախանձելի պայմաններու մէջ չէ ներկայիս, այնուամենայնիւ յստակ են աջակցելու, օգտակար ըլլալու, նեցուկ կանգնելու եւ գործ հայթայթելու համար եղած բոլոր ջանքերը, որոնց համար պէտք է երախտապարտ ըլլալ:
-Ի՞նչ կասեք Քեսաբի մասին:
-Քէսապը քէսապցիին համար վաղնջական դարերէն եկած՝ եւ ծննդավայր, եւ հայրենիք է, այս փոքրիկ արծուաբոյն հողակտորին վրայ ապրող քաջարի հայորդիները, երրորդ անգամ ըլլալով կը տեղահանուէին, անոնք ամէն վտանգ անարգելով միշտ ալ կրկին վերադարձած են իրենց բուռ մը հողակտորը, գիտնալով որ պատմական հայրենիքի այս շերտը իրենց վստահուած է եւ պէտք է պահեն զայն հաւատարմութեամբ: Իսկ ինծի համար Քէսապը մանկութենէս ի վեր, ոչ թէ հայրենիքիս փոխարինողն էր, այլ անոր բոյրն ու ջերմութիւնը փոխանցող, կարօտը մասամբ յագեցնող, անկէ հեռու ըլլալու տառապանքը մեղմացնող հարազատ տարածք, Կիլիկեան հողաշերտ՝ Քէսապը իր շրջակայ լեռներով եւ հովիտներով, սկաուտական բանակավայրերով, եկեղեցիներով եւ հայաշէն կառոյցներով` իր հայկականութեամբ:
Այո, քէսապցիին անկոտրում կամքը անպայման զինք արդէն իսկ կը վերադարձնէ իր կողոպտուած, այրած տունը, սրբապղծուած եկեղեցիներն ու շիրիմները վերականգնելու եւ ծաղկեցնելու, անոնք արդէն իսկ վճռած էին վերադառնալ, յոյսով եւ հաւատքով, անցնող երեք ամիսները համբերութեամբ սպասեցին Լաթաքիոյ սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Քէսապը ազատագրուած է հիմա, բայց տակաւին ժամանակի կը կարօտի, որ ընտանիքները կարենան վերհաստատուիլ եւ վերաբնակեցնեն իրենց օճախները: Պէտք է ջուրի մատակարարումն ու ելեկտրական հոսանքը վերադառնայ, ապահովութիւնը վերականգնուի, որոնց համար կրկին կը պայքարին քաջարի քէսապցի այրերը, որոնք տոչորած այգիները պէտք է մշակեն, հաւաքեն բերքը: Հողը միշտ ալ կը սպասէ իր հարազատ տիրոջ, իսկ բարբարոսները տակաւին հաշիւ պէտք է տան իրենց ճիւաղային արարքներուն համար: Եթէ մենք հատուցում չպահանջենք նախապէս կատարուած ցեղասպանութեան համար, այս նոյն բաները որեւէ տեղ, հայերու հետ կրնայ պատահիլ, նոյնիսկ, Աստուած մի արասցէ, Հայաստանի սահմաններուն վրայ:
-Քեսաբի դեպքերի ժամանակ համացանցում վայրագության, բռնության տեսարաններ տարածվեցին, հետո պարզվեց, որ դրանք կապ չունեն քեսաբցիների հետ: Ի՞նչ գիտեք այս մասին:
-Վայրագութիւններ տեղի ունեցան Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ, տուժեցին նաեւ խաղաղ քաղաքացիներ: Քէսապի պարագային, արդէն իսկ փաթթոցաւոր իսլամիստ՝ Ճապհաթ ալ Նուսրա եւ Ահրար Ալշամ խմբաւորումներու ներխուժումը նկատած էին խաղաղ բնակիչները: Թուրքը, ինչպէս գիտէք, սահմանը լայնօրէն ազատ բացած, նոյնիսկ օժանդակած էր անոնց մուտքը դիւրացնելու համար Քէսապ, յարմարութիւններով օժտած զանոնք՝ անհաւասար ուժեր էին, խաղաղ եւ անպատրաստ բնակչութիւնը կրնար ժամերու ընթացքին ջարդուիլ, բարբարոսները զինուած էին ամէն տեսակի առաւելութիւններով եւ զինամթերքով: Քէսապցիներու ստացած` իրենց հողը լքելու, հեռացման սպառնալիքէն ետք, արդէն իսկ ընտանիքներ կամաւորապէս սկսած էին ուղղուիլ դէպի Լաթաքիա, գոնէ նուազագոյն զոհեր տալու համար, քանի որ ուժերը անհամեմատելի էին:
-Ի՞նչ տագնապներ ունի այսօր սիրիահայը, լույսի և երազների ի՞նչ ճանապարհ:
-Կը խորհիմ որ սուրիահայը այժմ խորապէս խոցուած եւ վիրաւոր է, իր պապերուն կրած դաժանութիւնը մասամբ կը կրէ մորթին վրայ, ինչ ալ ըլլան անոնց թոյլ տուած սխալները, համբերութեամբ պէտք է տանիլ, ամէն բան աւարտ մը ունի, ինչպէս որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը ունեցաւ, իսկ պատերազմը մեզի շատ բան սորվեցուց, կոփեց, համբերանք եւ ժուժկալութիւն տուաւ: Առիթ եղաւ որ սփիւռքահայը կրկին մայր հայրենիք վերադառնալու մասին մտածէ եւ կարենայ կողմնորոշել իր առնելիք քայլերը: Այս պատերազմը յաջորդ սերունդներուն այնպիսի մեծ դաս մը կրնայ ըլլալ, թէ անոնք լիակատար յոյս պէտք չէ դնեն օտար երկիրներու վրայ, մանաւանդ ոչ քրիստոնեայ, այնտեղ նոր ապաստաններ փնտռելու համար:
Ի վերջոյ հայրենիքը միշտ ալ գրկաբաց մեզ կը սպասէ, եթէ նոյնիսկ անոր բնակիչներուն տեսակէտները մեր տեսակէտներուն ու բարքին հետ անհամապատասխան ըլլան, մտածենք` նոյն տան մէջ տարբեր բնաւորութիւններով, արիւնակից եղբայրներ անպայման կ’ըլլան, ի վերջոյ բարին միշտ յաղթական է: Ամէն բան պատմութեան գիրկը պիտի անցնի օր մը, վարագոյրին ետեւ պիտի անցնինք բոլորս ալ, այնպիսի յիշատակներ ձգենք թատերաբեմին վրայ, որ յիշատակութեան արժանի ըլլան՝ յաջորդ սերունդներուն համար, եւ ոչ՝ գայթակղութեան:
-Այս ընթացքում ստեղծագործե՞լ եք: Ապրած դեպքերը հնարավո՞ր է գրքի տեսքով ներկայացնեք:
-Անցնող այս երկու տարուան դժուարութիւնները ստիպեցին, որ բոլոր ապրածներս թուղթին փոխանցեմ: Երկու գիրք պատրաստեցի, մին՝ արձակ, իսկ միւսը՝ բանաստեղծութիւն, որոնք կը սպասեն լոյսին գալու: Պէտք է տպուին, որ կարենամ նորերը գրել, որեւէ գրող միշտ ալ քաջալերանքի եւ սիրոյ կարիք ունի, որպէսզի կարենայ ստեղծագործել:

Զրույցը`
Արմինե ՍԱՐԳՍՅԱՆԻ

Դիտվել է՝ 1040

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ